2015-03-29 11:48:00

Մարեմեան Աղօթքը` երիտասարդներ շարունակեցէք ուղեւորութիւնը` դէպի Քրաքովիա։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 29 Մարտ 2015-ին, Ծաղկազարդի  տօնակատարութեան արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը արտասանեց Հրեշտակ Մարեմեան աղօթքը։

Աղօթքէն առաջ ուղղած պատգամին մէջ, Նորին Սրբութիւնը, յատուկ օրէն ողջունեց երիտասարդները, երիտասարդներու համաշխարհային 30-րդ օրուան առթիւ, խրախուսելով զանոնք շարունակել ուղեւորութիւնը որ զիրենք պիտի տանի,­ յաջորդ տարի` Քրաքովիա, Երիտասարդներու Համաշխարհային օրուան հիմնադիր` Սուրբ Յովհաննէս Պողօս Բ-ի ծննդավայրը։ Այդ հաւաքին թեման պիտի ըլլայ` ''Երանի ողորմածներուն որովհետեւ անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն'' որ կը համապատասխանէ  ''ողորմութեան սուրբ տարւոյն։

Թոյլ տուէք որ Հայրը ձեր վրայ զեղու իր քնքշութիւնը որպէսզի դուք ալ ձեր կարգին զայն տարածէք ձեր շուրջ – ըսաւ Սրբազան Հայրը հրաւիրելով դիմել Մարիամին` մեր Մօր, որպէսզի մեզի օգնէ հաւատքով ապրելու Սուրբ Շաբաթը։

Ինքն ալ ներկայ էր երբ Յիսուս փառաւոր կերպով մուտք գործեց Երուսաղէմ, սակայն Անոր սիրտը, իր Զաւկին սրտին նման, պատրաստ էր նուիրումին եւ զոհողութեան։ Անորմէ`  հաւատարիմ Կոյս, սորվինք հետեւիլ Տիրոջ, նոյնիսկ երբ անոր ուղեւորութիւնը կը տանի խաչին։

Սրբազան Հայրը պատգամը եզրափակեց Աստուածամօր բարեխօսութեան յանձնելով  անցեալ երեքշաբթի օր` տեղի ունեցած օդանաւի աղէտալի արկածի զոհերը որոնց շարքին էին գերմանացի երիտասարդ ուսանողներ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.